 Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանը ներկայացնող խաղացողներէն միայն կրանտմասթըր Շանթ Սարգսեան յաղթանակ արձանագրեց:
Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանը ներկայացնող խաղացողներէն միայն կրանտմասթըր Շանթ Սարգսեան յաղթանակ արձանագրեց:
Արձանագրելով իր երրորդ յաղթանակը` ան կը հանդիսանայ ախոյեանութեան յառաջատարներէն մէկը:
2,5-ական կէտ ունին Գաբրիէլ Սարգսեան, Արթուր Դաւթեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան:
Մանուէլ Պետրոսեան եւ Մամիկոն Ղարիբեան ունին 2-ական կէտ, Ռոպերթ Յովհաննիսեան` 1,5 կէտ, իսկ Էմին Օհանեան` 1 կէտ:
11 հանգրուան ընդգրկող այս ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի 7 ապրիլին:
 
			

