Մարզական

«Ֆորմիւլա-1».  Աշխարհի Ախոյեան Վերսթափենի`  2022-ի Առաջին Յաղթանակը

«Ֆորմիւլա-1». Աշխարհի Ախոյեան Վերսթափենի` 2022-ի Առաջին Յաղթանակը

Նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափեն («Ռետ Պուլ»), որ հանդիսացած էր «Ֆորմիւլա-1»-ի 2021-ի ախոյեան, նախանցեալ օր արձանագրեց 2022-ի իր առաջին յաղթանակը, երբ Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցած կրան փրիին, հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 1 ժամ 24 վայրկեան եւ 29 երկվայրկեան արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց տարեշրջանի առաջին կրան փրիին յաղթանակ արձանագրած «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լեքլերք (Մոնաքօ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց...

Ճատրակ.  Եւրոպայի Անհատական  Ախոյեանութեան Մեկնարկը Տրուեցաւ

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութեան Մեկնարկը Տրուեցաւ

Նախորդ շաբաթավերջին Սլովենիոյ մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթական մեկնարկ մը ունեցան Գաբրիէլ Սարգսեան, Արթուր Դաւթեան եւ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան: Էմին Օհանեան, Մամիկոն Ղարիբեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան իրենց հանդիպումները աւարտեցին հաւասարութեամբ: Իսկ Սամուէլ Տէր Սահակեան միակն ըլլալով պարտութիւն կրեց: Նշենք, որ ախոյեանութիւնը կը բաղկանայ 11 հանգրուանէ: Անոր վերջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 6 ապրիլին:...

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի.  Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին  Պարտութիւնը (3-0) Եւ Համակիրներուն Միջեւ  Զանգուածային Բախումը

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Պարտութիւնը (3-0) Եւ Համակիրներուն Միջեւ Զանգուածային Բախումը

Երէկ յետմիջօրէին, Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանան-Սուրիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Ա. խմբակի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Նախքան իր այս մրցումը կատարելը, Լիբանան արձանագրած էր յաղթանակ մը, երեք հաւասարութիւն եւ կրած չորս պարտութիւն: Երէկուան մրցումին, Լիբանան կրեց իր հինգերորդ պարտութիւնը` 3-0 արդիւնքով: Մրցումին կոլերը նշանակեցին Ալաա Տալի (14-րդ), սուրիահայ...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը  1-0 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Հիւրին` Մոնթենեկրոյին

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը 1-0 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Հիւրին` Մոնթենեկրոյին

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ երեկոյեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Մոնթենեկրոն: Մրցումին ազդանշանը տրուելէն անմիջապէս ետք, երկու խումբերն ալ կազմակերպեցին սերտուած յարձակումներ, սակայն հայրենի կազմը 19-րդ վայրկեանին Վահան Բիչախչեանի նշանակած կոլին շնորհիւ կերտեց հաւաքականին յաղթանակը: Բ. կիսախաղին հիւր կազմը փորձեց արդիւնքը հաւասարեցնել, սակայն չյաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ եւ մրցումը աւարտեցաւ 1-0...

Ժիւտօ.  Հայաստանի Հաւաքականը Վրաստանի Մէջ  Սկսաւ Հաւաքի Մը

Ժիւտօ. Հայաստան Կը Մասնակցի Եւրոպայի Երիտասարդական Բաժակի Մրցաշարքին

Վաղը` շաբաթ, 26 մարտին, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ կը սկսի Եւրոպայի ժիւտոյի երիտասարդական բաժակի մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը: Հայրենի կազմը, գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Յովհաննէս Դաւթեանի, Վրաստանի մէջ կատարեց ուսումնամարզական հաւաք մը, որմէ վերադարձաւ երէկ` հինգշաբթի, 24 մարտին: Այդ հաւաքին մասնակցողներէն հինգը` Մարտին Բադալեան (60 քկ), Դաւիթ Աբրահամեան, Ստեոտա Դարբինեան (66 քկ), Արտակ Թորոսեան եւ Անդրէաս...

Ինցակի Հեռացաւ Պրեշիայէն

Ինցակի Հեռացաւ Պրեշիայէն

Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Պրեշիայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ֆիլիփօ Ինցակի հեռացաւ կազմէն: Պրեշիա, որ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը, իր կատարած վերջին չորս մրցումներուն յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել (երեք հաւասարութիւն եւ պարտութիւն մը): Նշենք, որ Ինցակի իր պաշտօնը ստանձնեց նախորդ ամրան:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պէյրութ, Սաժես Եւ Տինամօ` Յաղթական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ, Սաժես Եւ Տինամօ` Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան երեք մրցումներ: 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութը, արձանագրեց բաւական մեծ յաղթանակ մը` 123-56 արդիւնքով (29-11, 32-16, 30-14 եւ 32-15): ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Սէրուժ Աւետիսեան (27 կէտ), որ դաշտ ներկայացաւ 33 վայրկեան: Ասկէ բացի, ան 10 ֆրի թրոներէն...

Այսօր` Հայաստան-Մոնթենեկրօ Ֆութպոլի  Միջազգային Բարեկամական Մրցում

Այսօր` Հայաստան-Մոնթենեկրօ Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` հինգշաբթի, 24 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Մոնթենեկրոն: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խոաքին Քափարոս երէկ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը փորձէ իր կազմը օժտել երիտասարդ մարզիկներով, որոնք անպայման յառաջիկային շատ լաւ արդիւնքի պիտի հասնին` ձեռք ձգելով միջազգային փորձառութիւն: Անդրադառնալով...

Կռփամարտ. Եւրոպայի 22 Տարեկանէն  Վար Ախոյեանութիւն.  Արթուր Շահբազեան Եւ Ռուսլան  Ասլիկեան` Արծաթէ Մետալակիրներ

Կռփամարտ. Եւրոպայի 22 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Արթուր Շահբազեան Եւ Ռուսլան Ասլիկեան` Արծաթէ Մետալակիրներ

Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի 22 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Արթուր Շահբազեան եւ Ռուսլան Ասլիկեան, տիրացան արծաթէ մետալի: 57 քկ դասակարգին մէջ Ասլիկեան, որ աւարտականին մրցեցաւ իտալացի Միչելլէ Պալտասի դէմ, թէեւ երեք ռաունտերուն տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ, սակայն իրաւարարները միաձայնութեամբ յաղթանակը տուին իտալացիին: Իսկ 63,5 քկ դասակարգին մէջ Շահբազեան իր պարտութիւնը կրեց թուրք Կերեմ Էօզմենէն:...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան 4-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Փորթուգալէն

Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը` մրցելով Փորթուգալի դէմ: Հայրենի կազմը զտումի մրցումներուն սկսաւ 4-0 արդիւնքով պարտութեամբ մը (կիսախաղ` 1-0): Զտումի Բ. հանգրուանի Գ. խմբակի մրցումներուն կը մասնակցին նաեւ Անգլիա եւ Իրլանտա: Իրլանտայի դէմ Հայաստան պիտի մրցի 26 մարտին, իսկ Անգլիոյ դէմ`...

Հայաստանի Լրագրողները Կը Մասնակցին  Եգիպտոսի Ֆութպոլի Մրցաշարքին

Հայաստանի Լրագրողները Կը Մասնակցին Եգիպտոսի Ֆութպոլի Մրցաշարքին

23-25 մարտին Եգիպտոսի մէջ տեղի կ՛ունենայ լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու 10-րդ ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքը: Անոր իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի լրագրողներու հաւաքականը: Նշենք, որ Հայաստան 2019-ին եւ 2021-ին հանդիսացաւ փոխախոյեան: Առաջին անգամ ըլլալով անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 խումբեր, ինչ որ կը նկատուի մրցանշային:

Սեւան Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արցախեան  Վերջին Պատերազմի Հերոսներուն Նուիրուած  Կռփամարտի Յուշամրցաշարք

Սեւան Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արցախեան Վերջին Պատերազմի Հերոսներուն Նուիրուած Կռփամարտի Յուշամրցաշարք

Սեւան քաղաքի Ն. Դագարեանի անուան մանկապատանեկան մարզադպրոցի տնօրինութեամբ եւ կռփամարտի մարզիչներուն կողմէ կազմակերպուեցաւ հերթական յուշամրցաշարք` նուիրուած արցախեան 44-օրեայ պատերազմին Սեւանի շրջանէն զոհուած հերոսներու յիշատակին: Սեւանի համայնքապետարանի աշխատակազմէն յուշամրցաշարքին մասնակցեցան Գեղարքունիքի մարզի, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան միւս մարզերէն եւ Երեւանէն հասած կռփամարտիկներ: Յաղթականները յուշամրցաշարքին կազմակերպիչներուն կողմէ պարգեւատրուեցան պատուոյ գիրերով եւ մետալներով, իսկ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի զոհուածներուն հարազատներուն տրուեցան զոհուած քաջորդիներուն նկարներով կռփամարտի...

Կռփամարտ. Հայաստանի Բոլոր Արհեստավարժ Կռփամարտիկներն Ալ Մետալներու Տիրացան Մեքսիքայի Մէջ

Համահայկական կռփամարտի եւ արհեստավարժ մարզաձեւերու ֆետերասիոնին բոլոր մարզիկներն ալ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքի մը, մետալներու տիրացան, այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Արհեստավարժ կռփամարտի Հայաստանի հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Գարիկ Բաղդասարեանի գլխաւորութեամբ, Մեքսիքա մեկնած էր 11 մարզիկով: Մեքսիքայի մէջ Հայաստանը ներկայացուցին. Ռուտոլֆ Գարբոյեան (51 քկ), Ռուբէն Գարբոյեան (54 քկ), Ժիրայր Սարգսեան (57 քկ), Ժորժիկ...

Թենիս.  Էշլէյկ Պարթի Աւարտեց  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Թենիս. Էշլէյկ Պարթի Աւարտեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Աւստրալիացի թենիսվումըն Էշլէյկ Պարթի, որ կը գրաւէ աշխարհի աղջկանց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքը, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 25 տարեկան Պարթի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է երեք կրան շլեմի տիտղոսներու: Առաջինը` 2019-ին («Ռոլան-Կարոս»), երկրորդը` 2021-ին (Ուիմպըլտըն), իսկ երրորդը` 2022-ին (Աւստրալիա): Իսկ «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ին գծով ան երկու անգամ հասած է մինչեւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ,  Այսօր` Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ, Այսօր` Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ կը կատարուին յայտագիրին վրայ գտնուող վերջին երկու մրցումները: Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ ժամը 17:00-ին պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Պէյրութը: Նոյն ժամուն, սակայն Ղազիրի դաշտին վրայ, Անիպալ Զահլէ հիւրը պիտի ըլլայ Սաժես Պէյրութի: Նշենք, որ ՀՄԸՄ ցարդ արձանագրած է 3 յաղթանակ եւ կրած 12 պարտութիւն, մինչ Պէյրութ արձանագրած է 12...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի Պէյրութ` 35-82

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի Պէյրութ` 35-82

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի Պէյրութ մրցումը: Այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 82-35 արդիւնքով (կիսախաղ` 49-21): Հակառակ անոր որ Ռիատի առաջին քորթըրին ունեցաւ միայն 12 կէտի առաւելութիւն մը (22-10), սակայն այդ թիւը հետզհետէ բարձրացաւ եւ մինչեւ մրցումին աւարտը...

Հայրենի Կռփամարտիկները Յաղթեցին Թուրք  Եւ Ազրպէյճանցի Իրենց Մրցակիցներուն  Եւ Հասան Աւարտական Հանգրուան

Հայրենի Կռփամարտիկները Յաղթեցին Թուրք Եւ Ազրպէյճանցի Իրենց Մրցակիցներուն Եւ Հասան Աւարտական Հանգրուան

Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի 22 տարեկանէն վար երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ աւարտեցան նախնական հանգրուանի մենամարտերը: Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ Ռուսլան Ասլիկեան (57 քկ) եւ Արթուր Շախպազեան (63,5 քկ) իրենց արձանագրած տպաւորիչ յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը եւ այսօր կը պայքարին ոսկի մետալի համար: Ասլիկեան, որ կիսաւարտականի իր յաղթանակը արձանագրեց թուրք Տահիր Աքքոյունի դէմ, աւարտականին իր դէմ պիտի...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Անգլիա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը մեկնեցաւ Անգլիա, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայրենի կազմը այսօր պիտի մրցի Փորթուգալի դէմ: Ապա անոր մրցակիցները յաջորդաբար պիտի ըլլան Անգլիա (26 մարտ) եւ Իրլանտա (29 մարտ):

Տիպալա Մօտ Է Եուվենթուսէն Հեռանալու

Տիպալա Մօտ Է Եուվենթուսէն Հեռանալու

Արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա մօտ է այս ամրան ընթացքին հեռանալու իր ակումբէն` Եուվենթուսէն, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: 28 տարեկան Տիպալայի փոխանցման հարցերով զբաղող անձը հանդիպում մը ունեցած է Եուվենթուսի ղեկավարութեան հետ: Նշուեցաւ, որ կողմերը քննարկած են հաւանական նոր պայմանագիրի հարցը, սակայն որեւէ համաձայնութեան չեն հասած: Այս ամրան ընթացքին Տիպալա կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած...

Ռոմելու Լուքաքու  Պիտի Վերադառնայ Ինթեր Միլան

Ռոմելու Լուքաքու Պիտի Վերադառնայ Ինթեր Միլան

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ինթեր Միլան բանակցութիւններ կը կատարէ լոնտոնեան Չելսիի հետ` իր կազմին վերադարձնելու համար Ռոմելու Լուքաքուն: Ըստ իտալական մարզական մամուլին, պելճիքացի ֆութպոլիստը իր խմբակիցներուն յայտնած է, որ ամրան ընթացքին պիտի վերադառնայ Ինթեր, որուն մաս կազմած է 2019-2021 ժամանակամիջոցին` անոր հետ դառնալով Իտալիոյ ախոյեան: Թէեւ ան ներկայիս տարեկան կը գանձէ 12,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, սակայն պատրաստ է աշխատավարձի կրճատման: Լուքաքու,...

Page 411 of 1280 1 … 410 411 412 … 1,280

Արխիւներ