Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ Օսլոյի մէջ հիւրը եղաւ Նորվեկիոյ:
Այս մրցումը աւարտեցաւ Նորվեկիոյ յաղթանակով, որ բաւական մեծ արդիւնքով պարտութեան մատնեց Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմը` 9-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ նախքան մրցումին կոլերուն նշանակուիլը, հայրենի կազմի յետսապահ Արման Յովհաննիսեան կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Մրցումին հաշիւը 24-րդ վայրկեանին բացաւ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ:
Ան նախքան Ա. կիսախաղի դադարը (5-0) նշանակեց իր անհատական երկրորդ կոլը (45+1-րդ):