Մարզական

Թենիս.  Իկա Սվիաթեք Գրաւեց Աղջկանց Միջազգային  Դասաւորման Պարագլուխի Դիրքը

Թենիս. Իկա Սվիաթեք Գրաւեց Աղջկանց Միջազգային Դասաւորման Պարագլուխի Դիրքը

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին երէկ հրապարակած աղջկանց նոր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ յայտնուեցաւ նոր մարզիկ մը, որ այս պարագային եղաւ 20 տարեկան լեհ թենիսվումըն Իկա Սվիաթեք: Ասիկա գրեթէ յստակացաւ նախորդ 26 մարտին, երբ Սվիաթեք ապահովեց Մայեմիի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի իր տոմսը եւ միեւնոյն ժամանակ ալ դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող աւստրալիացի Էշլէյկ Պարթի յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու թենիսի...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Անսար Հուարա, Ամալ Սալամ Զղարթա Եւ Նահտա Այն Պաալ Տուգանուեցան, Իսկ Անոնց Բոլոր Կէտերը Չեղեալ Նկատուեցան

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Կազմերը Պարտութիւն Կրեցին

Նախորդ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները: Լեռնալիբանանի նահանգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Ահտի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ռաուտա Տըքուանէի դէմ, անկէ կրեց 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: ՀՄԸՄ մնաց Դ. դասակարգին մէջ, մինչ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սաֆա Շուիթ ապահովեց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը: Ինչ կը վերաբերի Պէյրութի...

Աթլեթիզմ.  Լիբանան Տիրացաւ 17 Գունաւոր  Մետալի` Սուրիոյ Մէջ

Աթլեթիզմ. Լիբանան Տիրացաւ 17 Գունաւոր Մետալի` Սուրիոյ Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի աթլեթիզմի խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աթլեթիզմի միջազգային մրցաշարքի մը (16 տարեկանէն վար), որ կազմակերպուած էր Սուրիոյ աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին չորս երկիրներ` Լիբանան, Սուրիա, Իրաք եւ Պաղեստին: Լիբանանի մարզիկները, իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացան 17 գունաւոր մետալի (2 ոսկի, 6 արծաթ եւ 9 պրոնզ): Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Մալխաս Ամոյեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի  Ախոյեան` Յաղթելով Իր Թուրք Մրցակիցին

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Մալխաս Ամոյեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան` Յաղթելով Իր Թուրք Մրցակիցին

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ` Մալխաս Ամոյեան նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսակիր: Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան 77 քկ դասակարգի աւարտականին, Ամոյեան, որ մրցեցաւ թուրք Եունուս Էմրէ Պաշարի դէմ, արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այս գօտեմարտէն ետք թուրք ըմբիշը արցունքոտ աչքերով հեռացաւ ռինկէն: Նշենք, որ Ամոյեան նոր փոխեց իր քաշային կարգը: Նախապէս Ամոյեան հանդէս կու...

«Քալչիօ».  Մխիթարեան Կերտեց  Ա. Էս. Ռոմայի Յաղթանակը

«Քալչիօ». Մխիթարեան Կերտեց Ա. Էս. Ռոմայի Յաղթանակը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Սամտորիային, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը: Փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմին այս յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան,  որ 27-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ հռոմեան կազմը 54 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը:  

Պասքեթպոլ.  Էրեբունի Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին  Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ  Հայաստանի Ախոյեան

Պասքեթպոլ. Էրեբունի Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Հայաստանի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կանոնաւոր ախոյեանութեան «ՎԻ-պեթ»-ի Ա. լիկայի ախոյեանութեան որոշիչ մրցումին, Ուրարտու եւ Էրեբունի իրարու դէմ յանդիման եկան երկրորդ անգամ ըլլալով: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումներուն ընդհանուր հաշիւը 3-0 էր` ի նպաստ Էրեբունիի: Արձանագրելով 109-107 արդիւնքով յաղթանակ մը, Էրեբունի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Հայաստանի «ՎԻ-պեթ»-ի Ա. Լիկայի ախոյեան: Պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Արցախը:

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Ուրարտու Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ուրարտու Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի հանդիպումները: Ուրարտու, որ մրցեցաւ Վանի դէմ, արձանագրելով 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, հասաւ աւարտականին: Երեւանեան կազմին կոլերը նշանակեցին Միրանեան, Իվու եւ Տեզիրէ: Աւարտականին Ուրարտու իր դէմ պիտի ունենայ Նորավանքը:

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական  Ախոյեանութիւն.  Գաբրիէլ Սարգսեան`  Հինգ Յառաջատարներուն Կարգին

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Գաբրիէլ Սարգսեան` Հինգ Յառաջատարներուն Կարգին

Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան պարտութեան մատնեց իսլանտացի Կուտմունտու Քիարթանսոնը, որ իր արձանագրած չորս յաղթանակներէն ետք առանձինն կը գրաւէր ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Հայաստանի ներկայացուցիչը այժմ չորս ուրիշներու հետ 4,5 կէտով կը բաժնէ առաջինէն հինգերորդ դիրքերը: Շանթ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, յառաջատարներէն ետ են կէսական կէտով:

Տոհայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ 2022-ի Մոնտիալի  Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Տոհայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ 2022-ի Մոնտիալի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Երէկ` ուրբաթ, 1 ապրիլին, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին տեղի ունեցաւ 2022-ի Մոնտիալի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է, Մոնտիալի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ ձմրան ընթացքին. 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր: Ստորեւ` տեղի ունեցած վիճակաձգութեան արդիւնքը. Ա. ԽՄԲԱԿ.- Քաթար, Էքուատոր, Սենեկալ եւ Նետերլանտներ: Բ. ԽՄԲԱԿ.- Անգլիա, Իրան, Միացեալ Նահանգներ եւ Սկովտիա- Ուքրանիա...

Վարազդատ Հարոյեան  Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

Վարազդատ Հարոյեան Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ սպանական Քատիսի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան երէկ ձեռքի վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ: Ան վիրաւորուեցաւ Նորվեկիոյ դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին ընթացքին: Այս մրցումը աւարտեցաւ Նորվեկիոյ յաղթանակով (9-0): Տեղի ունեցած քննութիւններուն արդիւնքին լոյսին տակ ի յայտ եկաւ, որ անոր աջ նախաբազուկը երկու կոտրուածք ունի, հետեւաբար վիրաբուժութենէ այլընտրանք չկար անոր համար:  

ՖԻՏԷ.  Լեւոն Արոնեան`  Չորրորդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան` Չորրորդ Դիրքին Վրայ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, երէկ հրապարակեց ճատրակ խաղացողներուն միջազգային նոր դասաւորումը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն, որ իր տրամադրութեան տակ ունի վարկանշային 2864 կէտ: Երկրորդ դիրքին վրայ է Ֆրանսայի ներկայացուցիչը` իրանցի Արիրեզա Ֆիրուճա (2804), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Տին Լիրեն (Չինաստան, 2799): Հայաստանի հաւաքականի նախկին յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ այժմ կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները,...

ՖԻՖԱ.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականը Մնաց 92-րդ

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մնաց 92-րդ

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, հրապարակեց ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը, ուր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պահեց իր դիրքը` մնալով 92-րդ եւ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 1245 վարկանշային կէտ: Առաջին դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Պրազիլ (1832), մինչ անոր ետին կը գտնուի Պելճիքա (1827), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ֆրանսա (1789):    

Իտալական Ֆութպոլ.  Անթոնիօ Քոնթէ` Նախորդ  Տարեշրջանի Լաւագոյն Մարզիչ

Իտալական Ֆութպոլ. Անթոնիօ Քոնթէ` Նախորդ Տարեշրջանի Լաւագոյն Մարզիչ

Ինթեր Միլանի նախկին գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ, իտալացի մարզիչներու քուէարկութեամբ ճանչցուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի նախորդ տարեշրջանի լաւագոյն մարզիչը, այս մասին յայտնեց Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ անոր հետ Ինթեր Միլան հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան: Այժմ անգլիական Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչ Քոնթէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 6-րդ անգամ ըլլալով է, որ կը տիրանայ այս մրցանակին, ինչ որ կը նկատուի մրցանիշ...

Քարլոս Քիւյերոս Հեռացաւ  Եգիպտոսի Ֆութպոլի Ազգային Խումբէն

Քարլոս Քիւյերոս Հեռացաւ Եգիպտոսի Ֆութպոլի Ազգային Խումբէն

Փորթուգալցի անուանի մարզիչ Քարլոս Քիւյերոս հեռացաւ Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբէն, երբ իր կազմին հետ չկրցաւ 2022-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն տոմս մը ապահովել: Ափրիկէի գօտիին մէջ տեղի ունեցած փլէյ օֆի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, անոր կազմը դարձի մրցումին փենալթիներով (3-1) պարտութիւն մը կրեց Սենեկալէն` չկարենալով ապահովել Քաթարի իր տոմսը: Երթի մրցումին Եգիպտոս արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, իսկ դարձի մրցումին`...

Էտինսոն Քաւանի Վնասուածք Ստացաւ

Էտինսոն Քաւանի Վնասուածք Ստացաւ

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի վնասուածք մը ստացաւ Չիլիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Այս մրցումը աւարտեցաւ անոր կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: 35 տարեկան Քաւանի, որ ոտքի վնասուածք մը ստացաւ, 29-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Քաւանի, որ ցարդ իր ակումբին հետ կատարած է 17 մրցում, մինչեւ ընթացիկ...

Քարլօ Անչելոթթի Վարակուեցաւ  «Քորոնա» Ժահրով

Քարլօ Անչելոթթի Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Ռէալ Մատրիտի իտալացի գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 62 տարեկան իտալացիին քննութեան արդիւնքը տուած է դրական պատասխան եւ ան անմիջապէս ինքնամեկուսացուած է: Մայրաքաղաքի կազմը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ այսօր` շաբաթ, 2 ապրիլին, երբ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 30-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ պիտի հիւրընկալէ Սելթա Վիկոն: 29-րդ հանգրուանի մրցումներէն...

ՖԻՊԱ-ն Յայտարարեց Արեւմտեան Ասիոյ  «Սուփըր Լիկ»-ի Պասքեթպոլի  Մրցաշարքի Ստեղծման Մասին

ՖԻՊԱ-ն Յայտարարեց Արեւմտեան Ասիոյ «Սուփըր Լիկ»-ի Պասքեթպոլի Մրցաշարքի Ստեղծման Մասին

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, ՖԻՊԱ-ն յայտարարեց Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի «Սուփըր Լիկ»-ի մրցաշարքին ստեղծման մասին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Արեւմտեան Ասիոյ (բացի Եմէնէն), Ծոցի երկիրներու, Հնդկաստանի եւ Ղազախստանի ախոյեան խումբերը: Մրցաշարքին գլխաւոր հովանաւորն է «էՎուլփա» ընկերութիւնը, որ հաստատուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ եւ անոր գործադիր տնօրէնն է Մարուան Հայեք, որ անցեալին եղած է լիբանանեան «ԱԼՖԱ» բջիջային ընկերութեան...

Հայաստանի Լրագրողներու Խումբը Հանդիսացաւ  Եգիպտոսի Ֆութպոլի Մրցաշարքին Տիտղոսակիր

Հայաստանի Լրագրողներու Խումբը Հանդիսացաւ Եգիպտոսի Ֆութպոլի Մրցաշարքին Տիտղոսակիր

Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու ֆութպոլի 10-րդ միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ Հայաստանի լրագրողներու կազմին փայլուն յաղթանակով, որ աւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Աղեքսանդրիա Սփորթինկ Մետիա խումբին դէմ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 խումբեր` Եգիպտոսէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն, Մոլտովայէն, Սենեկալէն եւ Ռումանիայէն: Հայրենի կազմը արձանագրեց չորս յաղթանակ եւ կրեց պարտութիւն մը միայն: Մրցաշարքին լաւագոյն բերդապահը ճանչցուեցաւ Բագրատ Կազումեան: Նշենք, որ...

Աղջկանց «Չեմփիընզ Լիկ».  Պարսելոնա 5-2 Արդիւնքով  Յաղթեց Ռէալ Մատրիտին

Աղջկանց «Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա 5-2 Արդիւնքով Յաղթեց Ռէալ Մատրիտին

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի դարձի մրցումին, Պարսելոնայի աղջկանց ֆութպոլի խումբը բաւական մեծ արդիւնքով յաղթեց Ռէալ Մատրիտին եւ ատոր շնորհիւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: «Քամփ Նու»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Պարսելոնա յաղթեց 5-2 արդիւնքով: Երթի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Սանթիակօ-Պեռնապէօ» դաշտին վրայ, դարձեալ աւարտեցաւ քաթալոնական կազմին յաղթանակով (3-1): Նշենք, որ դարձի այս մրցումին հաստատուեցաւ միջազգային մրցանիշ մը` նկատի...

Քիլիան Էմպափէ Հրաժարեցաւ Մասնակցիլ  2022-ի Մոնտիալի Վիճակաձգութեան

Քիլիան Էմպափէ Հրաժարեցաւ Մասնակցիլ 2022-ի Մոնտիալի Վիճակաձգութեան

Այսօր` ուրբաթ, 1 ապրիլին, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2022-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Կազմակերպիչ երկրին կողմէ հրաւէրներ ուղղուած են անցեալի եւ այժմու մարզիչներու, մարզիկներու եւ ֆութպոլի պատասխանատուներու: Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբին եւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ եւս անոր մասնակցելու հրաւէր ստացաւ: Սակայն 23 տարեկան ֆութպոլիստը յայտնեց, որ այդ վիճակաձգութեան...

Page 409 of 1280 1 … 408 409 410 … 1,280

Արխիւներ