Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողները կը շարունակեն իրենց ելոյթները` Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան գծով:
Երէկ Գաբրիէլ Սարգսեան, Շանթ Սարգսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան, որոնք արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաղթանակը, յառաջատարներուն կարգին են:
Արթուր Դաւթեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Մամիկոն Ղարիբեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Էմին Օհանեան պարտութիւն կրեցին:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանկային հիմնադրամը կը կազմէ 100 հազար եւրօ: