Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականին մարզական հաւաքը կը շարունակուի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Անիկա իր աւարտին կը հասնի վաղը` ուրբաթ, 1 ապրիլին:
Այս հաւաքին աւարտէն անմիջապէս ետք, հայրենի կազմը կը մեկնի Անտորրա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 4-13 ապրիլին տեղի ունենալիք Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Գագիկ Տէր Գէորգեան:


