Նախորդ շաբաթավերջին Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան Գ. խմբակի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը կատարեց իր երկրորդ մրցումը, երբ մրցեցաւ այս խմբակին մրցումները հիւրընկալող Անգլիոյ դէմ:
Հայրենի կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին 4-0 արդիւնքով պարտուած էր Փորթուգալէն, այս մրցումին եւս պարտուեցաւ անգլիացիներէն` նոյն արդիւնքով:
Երկու կազմերն ալ մրցումը աւարտեցին տասը մարզիկով:
Այսօր` երեքշաբթի, 29 մարտին, Հայաստանի վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Իրլանտա: