Արթուր Գալոյեան Ստացաւ Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Եւ Մաս Պիտի Կազմէ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին
Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ ռուսական Վելեսի ֆութպոլիստ Արթուր Գալոյեան ներկայիս կը գտնուի Հայաստանի մէջ: Նշուեցաւ, որ ան Երեւան եկաւ, ստանալու համար հայկական անձնագիր, որմէ ետք կը կարծուի, որ ան մաս պիտի կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ ան երէկ ստացաւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն, ինչ որ անոր առիթ տուաւ միանալու հաւաքականին: 22 տարեկան Գալոյեան, որ Թորփետօ Մոսկուայի...




















