Զուիցերիացի անուանի թենիսմեն Ռոժէ Ֆետերեր իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան Կարոս»-ին, այս մասին յայտնեց մրցաշարքին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
40 տարեկան Ֆետերեր, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 20 կրան շլեմի տիտղոսներու, ցարդ կը շարունակէ ապաքինիլ իր ծունկին կատարած վիրաբուժութենէն:
Նշուեցաւ նաեւ, որ մրցաշարքէն պիտի բացակայի նաեւ, ճափոնցի Քէյ Նիշիքորի, որ ազդրի վնասուածք ունի:
Այս տարի «Ռոլան Կարոս»-ը տեղի պիտի ունենայ 22 մայիսէն 5 յունիս:


