Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես 20-0 Արդիւնքով Պարտուած Հռչակուեցաւ, Իսկ Ռիատի Պէյրութ Ծանր Պատիժներու Ենթարկուեցաւ

April 12, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Ռիատի Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ մրցումը մնաց անաւարտ, երբ հիւրընկալ կազմին համակիրները կատարեցին խուլիկանութիւն եւ փորձեցին յարձակիլ Սաժեսի մարզիկներուն վրայ:

Ներքին ապահովութեան ուժերը թէեւ միջամտեցին եւ փորձեցին կացութեան տէր դառնալ, սակայն մրցումը չշարունակուեցաւ եւ հիւր կազմը 20-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անիկա մրցումէն քաշուեցաւ, մինչ արդիւնքը կ’ընթանար ի նպաստ Ռիատի Պէյրութի, 56-52 արդիւնքով, երրորդ քորթըրին աւարտէն երկու երկվայրկեան առաջ:

Երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը արտակարգ ժողով մը գումարելով, հիւրընկալ կազմին դէմ պատիժներ տնօրինեց:

Ռիատի իր դաշտին վրայ իր կատարելիք վեց մրցումները պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն եւ իր դաշտէն դուրս` չէզոք դաշտի վրայ:

Երկու կազմերու կարգ մը պատասխանատուներ կախակայուեցան դաշտ մուտք գործելէ` այս տարեշրջանին եւ յառաջիկայ տարեշրջանին ալ:

Ասկէ բացի, Ռիատի ակումբը ենթարկուեցաւ 500 կէտի տուգանքի (25 միլիոն լիբանանեան ոսկի):

Ֆետերասիոնը մրցումին շուրջ իր հետաքննութիւնը պիտի ձգէ բաց, մինչ ներքին ապահովութեան ուժերէն պահանջեց հետաքննութիւնները շարունակել:

Նշենք, որ այսօր յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ այլ նիստ մըն ալ, որմէ ետք այլ պատժական տնօրինումներ ալ պիտի յայտարարուին:

Նախորդը

Ֆութսալ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Երրորդ Յաղթանակը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.