Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Լեվանթէին, արձանագրեց քիչ մը բաւական դժուար յաղթանակ մը, երբ իր յաղթանակի կոլը նշանակեց… մրցումին կորսուած վայրկեաններուն:
Չաւիի գլխաւորած կազմին յաղթանակի կոլը նշանակեց նետերլանտցի յառաջապահ Լուք Տը Եոնկ (90+2-րդ):
Հիւրընկալ կազմը իր երկու կոլերը նշանակեց փենալթիով (52-րդ եւ 83-րդ), մինչ երրորդ փենալթի մըն ալ ձախողեցաւ կոլի վերածել:
Իսկ քաթալոնական կազմին առաջին երկու կոլերը նշանակեցին` Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ (59-րդ) եւ Փետրի (63-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Պարսելոնա, որ կատարած է 30 մրցում, 60 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` 12 կէտով ետ մնալով Ռէալ Մատրիտէն (31 մրցում):
60 կէտով երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Սեւիլլա (31 մրցում), մինչ Լեվանթէ (31 մրցում) 22 կէտով կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը:


