Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Նեման, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Տինամօ Պրեսթը, անոր դէմ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Գեղամ Կադիմեան, որ դաշտ ներկայացաւ Բ. կիսախաղին, 81-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը:
Կադիմեան, որ Նեման վերադարձաւ նախորդ յունուարին, անոր հետ ելոյթ ունեցած է 2019-2022 տարեշրջանի երկրորդ բաժինին: