Ռուսական մարզական մամուլին համաձայն, Մոսկուայի բանակայիններու խումբին մաս կազմող 19 տարեկան միջնապահ` Էդուարդ Պակրինցեւ մաս պիտի կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը ներկայիս կը զբաղի Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու հարցերով, որոնք իրենց աւարտին կը հասնին այս ամրան ընթացքին:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կապ հաստատած էր Պակրինցեւի հետ, որպէսզի ան միանայ հաւաքականին, ինչ որ չէր մերժուած անոր կողմէ:
Ան նախապէս մաս կազմած է Ռուսիոյ 15 եւ 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականներուն:


