Կիպրոսի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Անորթոսիս, որ հիւրը եղաւ Արիս Լիմասոլին, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Մրցումին 53-րդ վայրկեանին հիւր կազմին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Անորթոսիս այժմ 44 կէտով կը գրաւէ դասաւորման չորրորդ դիրքը, իսկ Արիս 45 կէտով` երրորդ դիրքը:
Առաջին դիրքը 51 կէտով կը գրաւէ Ափոլլոնը, իսկ երկրորդ դիրքը` Ափոյել Նիկոսիան (47 կէտ):