 Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ ռուսական Վելեսի ֆութպոլիստ Արթուր Գալոյեան ներկայիս կը գտնուի Հայաստանի մէջ:
Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ ռուսական Վելեսի ֆութպոլիստ Արթուր Գալոյեան ներկայիս կը գտնուի Հայաստանի մէջ:
Նշուեցաւ, որ ան Երեւան եկաւ, ստանալու համար հայկական անձնագիր, որմէ ետք կը կարծուի, որ ան մաս պիտի կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:
Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ ան երէկ ստացաւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն, ինչ որ անոր առիթ տուաւ միանալու հաւաքականին:
22 տարեկան Գալոյեան, որ Թորփետօ Մոսկուայի սան է, 2020-էն ի վեր մաս կը կազմէ Վելես Մոսկուայի:
Ան ծնած է 25 յունիս 1999-ին, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ:
Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 29 մրցումի, նշանակեց 13 կոլ եւ կատարեց 7 էսիսթ:
 
			

