Ըստ սպանական մարզական մամուլին, Պայէրն Միւնիխի մաս կազմող լեհ յառաջապահ` Ռոպերթ Լեւանտովսքիի Պարսելոնա տեղափոխութիւնը բաւական մօտալուտ է:
Ըստ ոչպաշտօնական տեղեկութիւններու, 33 տարեկան ֆութպոլիստը, երեք տարուան պայմանագրի շուրջ համաձայնութեան եկած է քաթալոնական կազմին հետ, մերժելով` Մանչեսթըր Սիթիի, Լիվըրփուլի եւ Փարիզ Սեն Ժերմէնի առաջարկները:
Անոր գործող պայմանագրութիւնը` միւնիխեան ակումբին հետ, վերջ կը գտնէ 2023-ի ամրան եւ ան մտադիր չէ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել:
Սակայն կը նշուի, որ ակումբին ղեկավարութիւնը անոր առաջարկած է մէկ տարուան պայմանագրի երկարաձգում: