Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, երէկ կատարեց իր վերջին մրցումը, երբ մրցեցաւ Անտորրայի դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ Անտորրայի աղջիկներուն յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-0, ի նպաստ Հայաստանի):
Հայրենի կազմին միակ կոլը նշանակեց Լիանա Սիմոնեան (45+2-րդ):
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Գագիկ Տէր Գէորգեան:


