Իտալական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Ա. Սէ. Միլանի խմբապետ Ալեսիօ Ռոմանիոլի, գալիք ամրան ընթացքին ազատ փոխանցումով մը պիտի միանայ Լացիօ Ռոմային:
27 տարեկան ֆութպուլիստը, որ 2015-ին Ա. Էս. Ռոմայէն միացաւ միլանեան ակումբին, իր կազմէն կը հեռանայ, որովհետեւ Ա. Սէ. Միլանի հետ անոր պայմանագրութեան երկարաձգման բանակցութիւնները դրական արդիւնք չտուին:
Նշուեցաւ, որ իտալացի յետսապահին հետ Լացիօ Ռոմա մինչեւ յունիս 2027 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
Հռոմեան կազմին հետ ան տարեկան պիտի գանձէ 3,2 միլիոն եւրօ:
Ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 20 միլիոն եւրօ:


