Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ թենիսի իր արհեստավարժ ընթացքին տիրացած է 20 կրան շլեմի միջազգային տիտղոսներու, անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Մոնթէ Քարլոյի «Մասթըրզ»-ի միջազգային բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն:
Ճոքովիչ, որ մրցեցաւ միջազգային դասաւորման մէջ 46-րդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ալեխանտրօ Տաւիտովիչ Ֆոքինայի դէմ, կրեց 3-6, 7-6 եւ 1-6 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ եւ 56 վայրկեան:
Նշենք, որ այս մրցումը Ճոքովիչի համար առաջին պաշտօնական մրցումն էր` նախորդ փետրուարէն ի վեր:


