«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուած բազմաթիւ մրցումներէն ետք, գրեթէ յստակացան «փլէյ օֆ»-ի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբերը:
Արեւելեան շրջանէն իրենց տոմսերը ապահովեցին Մայեմի Հիթ, Միլուոքի Պաքս, Պոսթըն Սելթիքս, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, Թորոնթօ Ռեփթըրզ եւ Շիքակօ Պուլզ:
Վերջին երկու տոմսերուն համար կը պայքարին` Պրուքլին Նեթց, Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Աթլանթա Հոքս եւ Շարլոթ Հոռնեթց:
Իսկ արեւմուտքէն իրենց տոմսերը ապահովեցին Ֆէոնիքս Սանզ, Մեմֆիս Կրիզլիզ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, Տալաս Մավըրիքս, Եութա Ճեզ եւ Տենվըր Նակեթց:
Վերջին երկու տոմսերուն համար կը պայքարին Մինեսոթա Վուլվզ, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, Նիւ Օրլինզ եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ:


