Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 13 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը:
Այսօրուան այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
ՀՄԸՄ ցարդ արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած 14 պարտութիւն, մինչ Անդրանիկ` 10 յաղթանակ եւ 8 պարտութիւն:
Նշենք, որ երթի մրցումին (4 յունուար) Անդրանիկ իր դաշտին վրայ արձանագրեց երեք կէտի տարբերութեամբ յաղթանակ մը (86-83):