Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը:
ՀՄԸՄ-ի աղջիկները, որոնք երթին արձանագրած էին 69-43 արդիւնքով յաղթանակ մը, երէկ կրկնեցին իրենց յաղթանակը, այս անգամ` 78-39 արդիւնքով:
Առաջին քորթըրին, ՀՄԸՄ կը յաղթէր 24-15 արդիւնքով, մինչ կիսախաղի դադարին ունեցաւ 20 կէտի առաւելութիւն մը (39-19):
Երրորդ քորթըրին կէտերու տարբերութիւնը բարձրացաւ 30-ի (58-28), մինչ մրցումը աւարտեցաւ 39 կէտի տարբերութեամբ (78-39):
Նշենք, որ ցարդ 2 պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ այսպիսով արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը, իսկ միայն 2 յաղթանակ արձանագրած Անդրանիկ կրեց իր 9-րդ պարտութիւնը: