Մարզական

«Ֆորմիւլա-1».  Աւստրալիոյ Կրան-Փրի-ն Աւարտեցաւ Լեքլերքի Յաղթանակով

«Ֆորմիւլա-1». Աւստրալիոյ Կրան-Փրի-ն Աւարտեցաւ Լեքլերքի Յաղթանակով

Նախորդ շաբաթավերջին, Մելպուռնի «Ալպերթ-Փարք» վազքուղիին վրայ (Աւստրալիա) տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի կրան փրին: Անիկա աւարտեցաւ «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լեքլերքի (Մոնաքօ) յաղթանակով: Գործող ախոյեան, նետերլանտցի Մաքս Վերսթափեն այս կրան փրին չկրցաւ աւարտել, երբ 39-րդ լեփին անոր ինքնաշարժին շարժակը խանգարում մը ունեցաւ: «Մերսետես»¬ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն գրաւեց չորրորդ դիրքը: 4-րդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 24 ապրիլին` Իտալիոյ...

Աւարտեցաւ «Աղբալեան» Պատանեկան Միութեան  Միջդպրոցական Ֆութպոլի Մրցաշարքը

Աւարտեցաւ «Աղբալեան» Պատանեկան Միութեան Միջդպրոցական Ֆութպոլի Մրցաշարքը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան, շաբաթ, 2 ապրիլ 2022-էն սկսեալ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի վարժարաններուն միջեւ ֆութպոլի մրցաշարք մը: Խումբերը բաժնուած էին 12-էն 14 եւ 14-էն 16 տարիքային խումբերու: Մասնակից 3 վարժարաններն էին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը: Զոյգ տարիքային խումբերուն աւարտական մրցումները տեղի ունեցան...

Ֆութսալ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Յաղթեց Պուլկարիոյ  Եւ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Ֆութսալ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Յաղթեց Պուլկարիոյ Եւ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 10 ապրիլին Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, կատարեց իր երկրորդ մրցումը` Պուլկարիոյ դէմ: Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմը, որ առաջին մրցումին 11-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրած էր Սկովտիոյ դէմ, արձանագրեց զտումի իր երկրորդ յաղթանակը, այս անգամ` 3-0 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին...

Փարիզ Սեն Ժերմէն Գրաւիչ Առաջարկ Մը  Ներկայացուց Էմպափէին

Փարիզ Սեն Ժերմէն Գրաւիչ Առաջարկ Մը Ներկայացուց Էմպափէին

Հակառակ անոր որ ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ` Քիլիան Էմպափէ մտադիր է նոր ակումբի մը միանալ, սակայն անոր ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմէն մեծ թափով կ՛աշխատի, իր կազմին մէջ պահել 23 տարեկան ֆութպոլիստին: Ֆրանսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ մայրաքաղաքի կազմը, բաւական գրաւիչ առաջարկ մը ներկայացուցած է իր ֆութպոլիստին: Իր կազմին մէջ պահելու համար Էմպափէին, անիկա երկու տարուան համար պատրաստ է վճարել` 150 միլիոն...

«Փրեմիեր Լիկ».  Խումբերուն Արտօնուեցաւ  Հինգ Փոփոխութիւն Կատարել

«Փրեմիեր Լիկ». Խումբերուն Արտօնուեցաւ Հինգ Փոփոխութիւն Կատարել

Անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-ը որոշեց յառաջիկայ տարեշրջանին խումբերուն արտօնել մրցումի մը ընթացքին հինգ փոփոխութիւն կատարել, սակայն այն պայմանով, որ երկուքը պէտք է կատարել Ա. կիսախաղի դադարին: Այս որոշումը տրուեցաւ, երբ տեղի ունեցաւ ժողով մը` «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատասխանատուներուն եւ ակումբներուն ներկայացուցիչներուն միջեւ: Որոշուեցաւ այս տարուան մարզիկներու ամառնային փոխանցումները Անգլիոյ մէջ սկսիլ 10 յունիսին եւ փոխանցումի դուռը փակել 1 սեպտեմբերին: «Փրեմիեր Լիկ»-ի կայքը...

Պարսելոնայի Առաջին  Մրցումը` Աւստրալիոյ Մէջ

Պարսելոնայի Առաջին Մրցումը` Աւստրալիոյ Մէջ

Քաթալոնական Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Աւստրալիոյ մէջ` երկրին ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող ֆութպոլիստներուն հաւաքականին դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 25 մայիսին, Սիտնիի մէջ գտնուող «Աքոր» մարզադաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 80 հազար հանդիսատես: Պարսայի ղեկավարութիւնը բաւական կարեւոր նկատեց այս մրցումին կայացումը Աւստրալիոյ մէջ, մանաւանդ...

Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Այսօր` Շաբաթ, Աւարտական  Հանգրուանի Մրցումները

Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր` Շաբաթ, Աւարտական Հանգրուանի Մրցումները

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան, միջդպրոցական ֆութպոլի մրցաշարքը, այսօր` շաբաթ, 9 ապրիլին, կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենան աւարտական հանգրուանի երկու մրցումները, երեկոյեան ժամը 18:30-էն սկսեալ: Նշենք, որ աւարտականի այս մրցումները, նախորդներուն նման տեղի պիտի ունենան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, Մըզհեր: 12-14 տարեկան աւարտական հանգրուանի մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանն ու Ազգային Եղիշէ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Վաղը` Ռիատի Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Ռիատի Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին վաղը, երբ տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ մրցումը: Պէյրութեան այս տերպին, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ առաջինի դաշտին` Մանարայի մէջ: Ռիատի ցարդ արձանագրած է 14 յաղթանակ եւ կրած 3 պարտութիւն, իսկ Սաժես` 13 յաղթանակ եւ 4 պարտութիւն: Նշենք, որ այսօր` շաբաթ, 9 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Շիահի...

Հայկական Պասքեթպոլ.  Երեւան-Պասքեթ` «Վի-Պեթ» Հայաստանի  Աղջկանց Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Հայկական Պասքեթպոլ. Երեւան-Պասքեթ` «Վի-Պեթ» Հայաստանի Աղջկանց Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

«ՎԻ-ՊԵԹ» Հայաստանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի երրորդ մրցումին, Երեւան-Պասքեթ 84-82 արդիւնքով յաղթելով Հատիսին, հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան: Գիւմրի հանդիսացաւ երրորդ: Նկատի ունենալով, որ անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ, երրորդ մրցումին յաղթականը պիտի հռչակուէր ախոյեան: Նշենք, որ այս երրորդ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հատիսէն Փէյթըն Թէյլոր (50 կէտ), այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:  

Աղջկանց Ֆութպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Լեհաստանէն

Աղջկանց Ֆութպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Լեհաստանէն

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Լեհաստանի դէմ, կրեց բաւական ծանր պարտութիւն մը` 12-0 արդիւնքով: Լեհաստանի Կտինիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը կ՛իյնայ Զ. խմբակի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Հայրենի կազմը, որ կրեց իր 7-րդ յաջորդական պարտութիւնը, կը գրաւէ խմբակին վերջին դիրքը: Նշենք, որ Արտակ Ադամեանի գլխաւորած կազմը այդ եօթը մրցումներուն ընթացքին...

Պայէրն Միւնիխ Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Առաջարկեց Միւլըրին

Պայէրն Միւնիխ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկեց Միւլըրին

Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կ՛ուզէ երկարաձգել ակումբին մաս կազմող գերմանացի յառաջապահ Թոմաս Միւլըրի գործող պայմանագրութիւնը եւ արդէն իսկ այդ ուղղութեամբ անոր հետ սկսած է բանակցութիւններ կատարել: Ըստ գերմանական մարզական մամուլին, անիկա 32 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկեց մինչեւ յունիս 2024 պայմանագիրի երկարաձգում մը` զայն յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը: Նշենք, որ անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս...

Թենիս.  Սերենա Ուիլիըմս Կը Պատրաստուի  Վերադառնալ

Թենիս. Սերենա Ուիլիըմս Կը Պատրաստուի Վերադառնալ

Ամերիկացի անուանի թենիսվումըն Սերենա Ուիլիըմս կը պատրաստուի վերադառնալ թենիսի դաշտերը, այս մասին յայտնեց նոյնինքն ան, իր կատարած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին: 40 տարեկան Սերենա թենիսի դաշտերէն բացակայ է յունիս 2021-էն ի վեր, երբ Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին գծով իր կատարած մրցումին ընթացքին վնասուածք ստացաւ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Անդրանիկ Պէյրութ-Պիպլոս` 119-75

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Պէյրութ-Պիպլոս` 119-75

Այսօր` Հուփս-Շանվիլ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ-Պիպլոս մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 119-75 արդիւնքով (28-16, 33-19, 30-15 եւ 28-25): Յաղթական կազմէն 52 կէտ նշանակեց Ժան-Մարք Ժարրուժ, մինչ անոր խմբակից, խմբապետ Ժորժ Իվ Տաապուլ նշանակեց 19 կէտ: Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 8...

Կռփամարտ.  Հայաստան Եւրոպայի Երիտասարդական  Ախոյեանութեան Կը Մասնակցի 13 Մարզիկով

Կռփամարտ. Հայաստան Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Կը Մասնակցի 13 Մարզիկով

12-21 ապրիլին Պուլկարիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վազգէն Բադալեան այս ախոյեանութեան համար նկատի առաւ հետեւեալ 13 մարզիկները. Թումաս Թումասեան (48 քկ), Արէն Ասլամազեան (51 քկ), Գոռ Ազիզեան (54 քկ), Մանուէլ Պետրոսեան (57 քկ), Էրիկ Իսրայէլեան (60 քկ), Արթուր Մկրտչեան...

Թենիս.  Էլինա Աւանէսեան Ապահովեց  Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Էլինա Աւանէսեան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Ռուսահայ 19 տարեկան թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք Պոկոթայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ. -250» միջազգային բաց մրցաշարքին, յաջողեցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք իտալացի Լուքրեցիա Սթեֆանինիի դէմ: Նշենք, որ Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին վրայ, Աւանէսեանի անուան մօտ չէ նշուած անոր ո՛ր ազգին պատկանիլը`...

Գեղամ Կադիմեան Կերտեց  Նեմանի Յաղթանակը

Գեղամ Կադիմեան Կերտեց Նեմանի Յաղթանակը

Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նեման 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ՊԱԹԷ-ի դէմ: Նեմանի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու` միջնապահ Գեղամ Կադիմեան: Ան 49-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Այս կոլը անոր համար հանդիսացաւ առաջինը` Նեման վերադառնալէն ետք: Անոնց միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 27 ապրիլին` Պորիսովի մէջ:    

Կուարտիոլա` Պրազիլի Ֆութպոլի  Ազգային Խումբին Յաջորդ Մարզի՞չը

Կուարտիոլա` Պրազիլի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Յաջորդ Մարզի՞չը

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նպատակ ունի երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ նշանակել Եոսիփ Կուարտիոլան: Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը յայտնէ, որ Կուարտիոլա կը նկատուի յարմարագոյն անձը, որ պիտի ըլլայ այժմու մարզիչ Թիթէն փոխարինողը: Վերջինս 2022-ի Մոնտիալէն ետք պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, Կուարտիոլային պիտի առաջարկուի մինչեւ 2026-ի Մոնտիալին աւարտը պայմանագրութիւն մը, տարեկան 12 միլիոն եւրօ...

Էրիք Տեն Հաակ` Մանչեսթըր  Եունայթըտի Նոր Մարզիչը

Էրիք Տեն Հաակ` Մանչեսթըր Եունայթըտի Նոր Մարզիչը

Միջազգային մարզական մամուլը հաղորդեց, որ Այաքս Ամսթերտամի (Նետերլանտներ) այժմու մարզիչ Էրիք Տեն Հաակ նշանակուեցաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի նոր մարզիչ: Նշուեցաւ, որ ակումբին ղեկավարները` Կլէյզըր եղբայրները որոշեցին ընթացիկ տարեշրջանի աւարտէն ետք նետերլանտցի մասնագէտը նշանակել ակումբի գլխաւոր մարզիչ: 52 տարեկան Տեն Հաակ 2017-էն ի վեր Այաքս Ամսթերտամի մարզիչն է: Նախքան անոր մարզիչ նշանակումը, այդ պաշտօնի թեկնածու նկատի առնուած էին նաեւ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 128-92

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 128-92

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: Երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ Տինամոյի յաղթանակով` 128-92 արդիւնքով (34-19, 28-22, 32-26 եւ 34-25): ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սէրուժ Աւետիսեան, որ դաշտ ներկայանալով 28 վայրկեան նշանակեց 21կէտ: Իսկ Տինամոյէն 24 կէտ նշանակեց խմբապետ Ճիմի Սալեմ:  

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական  Ախոյեանութիւն.  Գաբրիէլ Սարգսեան Հանդիսացաւ  Եւրոպայի Փոխախոյեան

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Գաբրիէլ Սարգսեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Փոխախոյեան

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար Գաբրիէլ Սարգսեան երէկ` չորեքշաբթի, 6 ապրիլին Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: Հայրենի կրանտմասթըրը, առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովելով 8,5 կէտ, առաջին դիրքը կիսեց գերմանացի Մաթիաս Պլուպաումի հետ, որ լրացուցիչ ցուցանիշով հռչակուեցաւ ախոյեան: Վերջին հանգրուանին Գաբրիէլ Սարգսեան ճերմակ քարերով 6-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց սպանացի Խայմէ Սանթոս Լաթասայի հետ, մինչ տիտղոսակիրը իր...

Page 407 of 1280 1 … 406 407 408 … 1,280

Արխիւներ