«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին ղեկավարութիւնը պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչ Ֆրանք Վոկըլը:
Բնականաբար ասիկա հետեւանք է այս տարեշրջանին խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն, որոնց պատճառով ան չյաջողեցաւ ապահովել «փլէյ-օֆ»-ի մրցումներուն իր տոմսը:
Նշենք, որ Վոկըլի հետ Լէյքըրզ 2019-2020 տարեշրջանին հանդիսացած էր «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի ախոյեան:


