Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգայի բաց մրցաշարքին Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ դասուած է 21-րդ, յաջողեցաւ ապահովել Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-3, 2-6, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք պոլիվիացի Ուկօ Տելիենի դէմ, Բ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին ընթացքին:
Գ. հանգրուանի մրցումներուն Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ 10-րդ դասուած անգլիացի Քամերոն Նորիէ: