Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 2021-2022 տարեշրջանը երկրորդ դիրքին վրայ աւարտած եւ երկրին փոխախոյեան հանդիսացած Պորուսիա Տորթմունտ ունեցաւ իր նոր գլխաւոր մարզիչը:
Տորթմունտեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին մարզիչի պարտականութիւնը վստահուեցաւ գերմանացի Էտին Թերզիչի:
Ան այսպիսով փոխարինեց Մարքօ Ռոզը, որ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ նախորդ 20 մայիսին պաշտօնանկ եղաւ:
Նշենք, որ 39 տարեկան Թերզիչ նախապէս եղած էր ակումբի ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնակատար, երբ 2020-ին Լիւսիեն Ֆաւրը պաշտօնազրկուած էր: