Կիրակի, 22 մայիսին, Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 39 երկիրներէ շուրջ 250 կռփամարտիկներ:
Հայաստանի դրօշակակիրն էր կռփամարտիկ Նարեկ Մանասեան:
Հիւր երկիրները ողջունեցին ախոյեանութեան կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Յովհաննէս Յովսէփեան, միջազգային կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Ումար Քրեմլիով, Եւրոպայի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Իոաննիս Ֆիլիփաթոս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան:
Իր խօսքին մէջ, Յարութիւնեան յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիկներուն, իսկ համակիրներուն կոչ ուղղեց իրենց ներկայութեամբ քաջալերելու հայրենի կռփամարտիկները:
Ապա տեղի ունեցաւ մարզիկներուն եւ իրաւարարներուն երդման արարողութիւնը:
Մարզիկներուն անունով երդման խոստումը կատարեց Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Բաչքով, իսկ իրաւարարներուն կողմէ` Անգլիոյ ներկայացուցիչը:
Այս ախոյեանութիւնը, որուն մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 260 հազար ամերիկեան տոլար, իր աւարտին կը հասնի 30 մայիսին:
Նշենք, որ Հայաստան ներկայացուցիչներ պիտի ունենայ բոլոր` 13 քաշային կարգերուն մէջ: