Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 21 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 6-2, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց աւստրալիացի Ճորտըն Թոմսընին, 2 ժամ եւ 4 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք:
Այսպիսով, 35 տարեկան Նատալ կրան շլեմի մրցաշարքերուն գծով արձանագրեց իր 299-րդ յաղթանակը եւ հաւասարեցաւ 18 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած ամերիկացի Քրիս Էվերթին:
Ամէնէն շատ յաղթանակները արձանագրած են Ռոժէ Ֆետերեր (369), Սերենա Ուիլիըմս (365), Նովաք Ճոքովիչ (323) եւ Մարթինա Նաւրաթիլովա (306):