Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողները, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Բ. հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, այժմ 1,5-ական կէտ ապահոված են Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Արամ Յակոբեան:
Մէկական կէտ ունին Գաբրիէլ Սարգսեան, Շանթ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան:
Կէս կէտ ապահոված է Արթուր Դաւթեան, մինչ Մամիկոն Ղարիբեան ցարդ որեւէ կէտ չէ կրցած ձեռք ձգել:
Այս մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 80 ճատրակ խաղացողներ, բաղկացած է 9 հանգրուանէ եւ իր աւարտին կը հասնի 29 մայիսին: