Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ երրորդ մրցումը:
Պէյրութ, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, արձանագրելով իր երրորդ յաղթանակը` 91-88 արդիւնքով (երկարաձգումէն ետք), ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, ուր իր դէմ կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ մրցումին յաղթականը:
Նշենք, որ Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 25 մայիսի երեկոյեան ժամը 21:30-ին, Մանարայի դաշտին վրայ:
Նախորդ երկու մրցումները վերջ գտած են Ռիատիի յաղթանակով: