«Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Մանչեսթըր Եունայթըտ ներկայացուց իր նոր մարզիչը` Էրիք տեն Հակը:
Իր խօսքին մէջ, 52 տարեկան նետերլանտցի մասնագէտը ըսաւ. «Մենք կը փափաքինք որոշ դիրքեր ամրապնդել, բայց մեր գլխաւոր նպատակը ուշագրաւ ֆութպոլ խաղալ է: Կարեւորը այն է, որ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ ակումբին ամբողջ անձնակազմին հետ: Պիտի աշխատինք մեր առաւելագոյնը տալ ակումբին համար»:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ»), Մանչեսթըր Եունայթըտ գրաւելով ընդհանուր դասաւորման 6-րդ դիրքը, իրաւունք ստացաւ յառաջիկայ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերել «Եւրոպայի Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին: