Ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ ի վերջոյ որոշում մը կայացուց իր ապագային վերաբերեալ, երբ իր գործող պայմանագրութիւնը Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ երկարաձգեց մինչեւ 30 յունիս 2025:
Մայրաքաղաքի կազմէն անոր հեռացման լուրերը վերջին շրջանին բաւական աշխուժացած էին, եւ կար այն կարծիքը, որ ան միանայ Ռէալ Մատրիտին` նկատի ունենալով, որ արքայական ակումբը անոր փոխանցման համար հսկայական գումարներ պատրաստ էր վճարելու:
23 տարեկան Էմպափէ, որ մայրաքաղաքի կազմին հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2018-էն ի վեր, իր համակիրներուն խոստացաւ իր ամէն կարելին ընել` յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին յաւելեալ տիտղոսներու տիրանալու համար:
Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին ան Սեն Ժերմենի հետ ընդամէնը կատարեց 45 մրցում, նշանակեց 36 կոլ եւ կատարեց 26 էսիսթ:


