Նախորդ շաբաթավերջին, սկսաւ Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութիւնը` «Ռոլան-Կարոս»-ը, երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ գտնուող տղոց եւ աղջկանց Ա. հանգրուանի բազմաթիւ մրցումները:
Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ դասուած է 24-րդ, Ա. հանգրուանին մրցեցաւ փորթուգալցի Նունու Պորկեսի դէմ (126-րդ) եւ արձանագրեց 6-3, 2-6, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ եւ 26 վայրկեան:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ պոլիվիացի Ուկօ Տելիեն (87-րդ):
Մրցաշարքին տիտղոսակիրն է աշխարհի դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող սերպ Նովաք Ճոքովիչ, մինչ մրցաշարքին մրցանակային ընդհանուր հիմնադրամը այս տարի կը կազմէ 43,6 միլիոն եւրօ: