Գերմանիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 16-րդ դիրքին վրայ գտնուող Հերթա Պերլինի եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող Համպուրկի միջեւ տեղի ունեցած փլէյ օֆի դարձի մրցումը վերջ գտաւ պերլինեան կազմին յաղթանակով, 2-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ երթի մրցումին Համպուրկ թէեւ իր մրցակիցի դաշտին վրայ արձանագրած էր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, սակայն դարձի մրցումին իր դաշտին վրայ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Այսպիսով, Հերթա Պերլին մնաց «Պունտըսլիկա»-ին մէջ, մինչ Համպուրկ` Բ. դասակարգին մէջ: