11 տարուան սպասումէ մը ետք, Ա. Սէ. Միլան հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սասուոլոյի դաշտէն:
Իտալացի Սթեֆանօ Փիոլիի գլխաւորած կազմը իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ունեցաւ 86 կէտ եւ երկու կէտի տարբերութեամբ գերազանցեց Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմը` Ինթեր Միլանը, որ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սամտորիան:
Այսպիսով, Ա. Սէ. Միլան, Ինթեր Միլանի նման 19-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրի ախոյեան:
Մրցանիշը կը պատկանի Եուվենթուսին, որ ախոյեան հանդիսացած է 36 անգամ:


