Ըստ իտալական մարզական մամուլին, Ա. Էս. Ռոմային եւ Եուվենթուսին մաս կազմող երկու անուանի ֆութպոլիստներ յաջորդ ամրան ընթացքին պիտի հեռանան իրենց ակումբներէն:
Նշուեցաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան (Ա. Էս. Ռոմա) եւ արժանթինցի Փաուլօ Տիպալա (Եուվենթուս) իրենց ակումբները լքելով իբրեւ ազատ ֆութպոլիստներ պիտի միանան Ինթեր Միլանի:
Նկատի ունենալով, որ անոնց երկուքին ալ ստորագրած պայմանագրութիւնը յառաջիկայ յուլիսին կը հասնի իր աւարտին, անոնք կրնան միանալ իրենց նախասիրած կազմին (իբրեւ ազատ ֆութպոլիստներ):
Ասկէ մեկնելով, Ինթեր Միլան յաջորդ ամրան շեշտը պիտի դնէ այն ֆութպոլիստներուն վրայ, որոնց պայմանագրութիւնները իրենց մաս կազմած ակումբներուն հետ կը հասնին իրենց աւարտին:
Տիպալա արդէն իսկ կը յայտարարէ, որ պիտի հեռանայ իր կազմէն, մինչ Ա. Էս. Ռոմա-Մխիթարեան բանակցութիւններուն գծով ցարդ գործնական ոչինչ կայ, թէեւ անոր կազմը կ՛ըսէ, որ երկու տարիով պիտի երկարաձգէ անոր գործող պայմանագրութիւնը:
Մխիթարեանով հետաքրքրուած են նաեւ Ասթոն Վիլա, Թոթենհամ եւ Նափոլի: