Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի («ֆայնըլ ֆոր») մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ Տինամօ-Ռիատի Պէյրութ երկրորդ ճակատումը:
Ինչպէս ծանօթ է, երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ Մանարայի մէջ, աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով, 75-64 արդիւնքով:
Երէկուան մրցումը, որուն ընթացքը եղաւ բաւական հետաքրքրական, աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով, 88-73 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, այսօր` երեքշաբթի, 24 մայիսին, Շիահի իր մարզադաշտին վրայ, Պէյրութ ժամը 21:30-ին կը մրցի Սաժես Պէյրութի դէմ:
Նախորդ երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած Պէյրութ այսօր իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: