Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, երկրին ախոյեան հանդիսացած Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Մեսսին, անոր դէմ արձանագրեց 5-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ Քիլիան Էմպափէ (24-րդ, 28-րդ եւ 50-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին պրազիլցի Նէյմար (31-րդ) եւ արժանթինցի Անխել Տի Մարիա (67-րդ):
Բաւական յուզիչ վիճակ մը ունեցաւ Տի Մարիա` իր նշանակած կոլէն ետք, նկատի ունենալով, որ ան իր վերջին մրցումը կատարեց փարիզեան կազմին հետ: Ապա ան արցունքոտ աչքերով ցտեսութիւն ըսաւ իր համակիրներուն:
Ախոյեան Սեն Ժերմենի ետին (86 կէտ) երկրորդ դիրքը գրաւեց եւ փոխախոյեան հանդիսացաւ Մարսէյ, որ տարեշրջանը աւարտեց 71 կէտով` 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սթրազպուրկին:
Մոնաքօ, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Լանսի հետ, 69 կէտով գրաւեց երրորդ դիրքը:
Իսկ վերջին երեք դիրքերը գրաւողները` Սենթ Էթիեն, Մես եւ Պորտօ փոխադրուեցան Բ. դասակարգ: