Մարզական

28 Յունիսին.  Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնը  Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

28 Յունիսին. Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնը Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Ինչպէս ծանօթ է, 3-6 յուլիսին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի տղոց եւ աղջկանց երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) 2-րդ ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 11 երկիրներու: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Ժամհուր վարժարանին մէջ` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Այս ախոյեանութեան գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու նպատակով, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը երեքշաբթի, 28 յունիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Լանքասթըր-Թամար» պանդոկին մէջ (Հատաս) պիտի տայ յատուկ մամլոյ...

Սամպօ.  Արցախցի Մարզիկները 3 Պրոնզ Մետալի  Տիրացան Ղազախստանի Մէջ

Սամպօ. Արցախցի Մարզիկները 3 Պրոնզ Մետալի Տիրացան Ղազախստանի Մէջ

16-24 յունիսին Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած սամպոյի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան սամպոյի հաւաքականը` գլխաւորութեամբ մարզիչ Ազատ Անդրեանի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Յայտարարուեցաւ, որ Քոշքարպայ Տապինպայեւի 4-րդ պատանեկան յուշամրցաշարքին, հայրենի չորս մարզիկներէն երեքը` Ալեքս Խաչատուրեան, Վիքթոր Բալայեան եւ Ալեքս Բալայեան, տիրացան պրոնզ մետալներու:

Պասքեթպոլ. «Սատա Քափ».  Հայաստանի Տղոց Ազգային  Հաւաքականին Յաղթական Մեկնարկը

Պասքեթպոլ. «Սատա Քափ». Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականին Յաղթական Մեկնարկը

Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսած «Սատա Քափ» պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին բացման մրցումին, իրարու դէմ մրցեցան Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականն ու «Թիմ-Միացեալ Նահանգներ»-ը: Հայրենի կազմը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը` արձանագրելով 94-59 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը (կիսախաղ` 46-28, ի նպաստ Հայաստանի): Մրցումին լաւագոյն մարզիկը ճանչցուեցաւ Հայաստանէն Անտրես Սփայթ-Մկրտչեան: Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռեքս Քալամեան: Հայաստանի...

Լողարշաւ.  Վարսենիկ Մանուչարեան Անձնական Մրցանիշ Մը  Հաստատեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Լողարշաւ. Վարսենիկ Մանուչարեան Անձնական Մրցանիշ Մը Հաստատեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութեան, 50 մեթր թիթեռնիկի լողարշաւի մրցումներուն, Վարսենիկ Մանուչարեան 93 մարզիկներուն մէջ արձանագրելով 28'' 8 արդիւնք մը, գրաւեց 43-րդ դիրքը: Հակառակ ասոր սակայն, ան բարելաւեց իր անձնական մրցանիշը աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Ան ցարդ իր ելոյթները չէ աւարտած եւ պիտի մասնակցի 50 մեթր ազատ լողի...

Ռոպերթ Արզումանեան Հեռացաւ Ուրարտուէն

Ռոպերթ Արզումանեան Հեռացաւ Ուրարտուէն

Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Ուրարտու ֆութպոլի խումբը յայտնեց, որ ակումբը եւ Ռոպերթ Արզումանեան դադրեցուցին իրարու հետ իրենց համագործակցութիւնը: Ռոպերթ Արզումանեան, որ Ուրարտուի մարզիչի պաշտօնը ստանձնեց մարտ 2021-ին, անոր հետ 2020-2021 տարեշրջանին կատարեց 53 մրցում եւ հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր: Երեւանեան ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց 36 տարեկան մասնագէտին կատարած արդիւնաւէտ աշխատանքին համար...

Տարուան Մը Ընթացքին.  Մեսսի 700 Միլիոն Եւրօ Եկամուտ  Ապահովեց Փարիզ Սեն Ժերմենին

Տարուան Մը Ընթացքին. Մեսսի 700 Միլիոն Եւրօ Եկամուտ Ապահովեց Փարիզ Սեն Ժերմենին

Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթին համաձայն, Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, նախորդ ամառ Փարիզ Սեն Ժերմեն իր անվճար փոխանցման համար ակումբին ապահոված է 700 միլիոն եւրօ եկամուտ: Փարիզեան ակումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մէկ միլիոնէ աւելի մարզաշապիկ ծախած է: Ասկէ բացի, ակումբին հետեւորդներուն թիւը ընկերային տարբեր տեսակի ցանցերու վրայ աւելցած է 15 միլիոնով: Արժանթինցի Մեսսի, որ երէկ տօնեց...

Ռոնալտօ Շատ Հաւանաբար  Պիտի Հեռանայ Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Ռոնալտօ Շատ Հաւանաբար Պիտի Հեռանայ Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շատ հաւանաբար հեռանայ իր ակումբէն` Մանչեսթըր Եունայթըտէն: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, որոնք պաշտօնական չեն, ան թերեւս տեղափոխուի Պայէրն Միւնիխ` նկատի ունենալով, որ գերմանական ակումբը Ռոպերթ Լեւանտովսքիին փոխարինող մը կը փնտռէ: Գերմանական մարզական մամուլին համաձայն, 37 տարեկան Ռոնալտօ դրական պատասխան մը տուած է Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանին:  

«Քալչիօ».  2022-2023 Տարեշրջանը  Պիտի Սկսի 14 Օգոստոսին

«Քալչիօ». 2022-2023 Տարեշրջանը Պիտի Սկսի 14 Օգոստոսին

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2022-2023 տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի 4 օգոստոսին: Ախոյեան Ա. Սէ. Միլանի առաջին հանգրուանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ուտինեզէ, մինչ փոխախոյեան Ինթեր Միլանի մրցակիցը` Լեչէ: Ա. Սէ. Միլանի եւ Ինթեր Միլանի միջեւ միլանեան տերպիի մրցումները տեղի պիտի ունենան 5-րդ եւ 21-րդ հանգրուանին: Իսկ հռոմեան տերպիները` Ա. Էս. Ռոմայի եւ...

Պասքեթպոլ.  Քեւին Տիւրանթ Մտադիր Է  Հեռանալ Պրուքլին Նեթցէն

Պասքեթպոլ. Քեւին Տիւրանթ Մտադիր Է Հեռանալ Պրուքլին Նեթցէն

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Պրուքլին Նեթցին մաս կազմող Քեւին Տիւրանթ շատ հաւանաբար հեռանայ իր ակումբէն: Նշուեցաւ, որ անոր հեռացումը կախեալ է Քիրի Իրվինկէն: Եթէ վերջինս հեռանայ խումբէն, Տիւրանթ եւս պիտի հետեւի անոր օրինակին: Իրվինկի պայմանագրութիւնը խումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ 29 յունիս, մինչ Տիւրանթ մինչեւ 2026-ի ամառ ստորագրած է Նեթցի տոմարներուն վրայ:

Պասքեթպոլ.  Լիբանան-Յորդանան Եւ Լիբանան-Սէուտական  Արաբիա Մրցումներուն Տոմսերուն Վաճառքը Սկսաւ

Պասքեթպոլ. Լիբանան-Յորդանան Եւ Լիբանան-Սէուտական Արաբիա Մրցումներուն Տոմսերուն Վաճառքը Սկսաւ

Ուրբաթ, 1 յուլիսին եւ երկուշաբթի, 4 յուլիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը մրցումներ ունի կատարելիք յաջորդաբար Յորդանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ (երկուքն ալ` ժամը 21:00-ին): Նշենք, որ վերոնշեալ երկու մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), կ՛իյնան Ասիոյ գօտիի Գ. խմբակի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ: Լիբանանի խմբակին մաս կը կազմէ նաեւ Ինտոնեզիա: Յայտարարուեցաւ, որ...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»  Կիրակի, 26 Յունիսին` «Հիլ Քլայմպ»-ի  Ա. Հանգրուանի Մրցումը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Կիրակի, 26 Յունիսին` «Հիլ Քլայմպ»-ի Ա. Հանգրուանի Մրցումը

Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, կիրակի, 26 յունիսին տեղի պիտի ունենայ «Հիլ Քլայմպ»-ի Ա. հանգրուանի մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի «Հիլ Քլայմպ»-ի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ: Ա. հանգրուանի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ուատի Շահրուրի շրջանին մէջ: Անիկա պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9:00-ին:    

ՖԻՖԱ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը  Մնաց 92-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Մնաց 92-րդ Դիրքին Վրայ

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, երէկ հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ազգային հաւաքականը մնաց իր նախկին դիրքին վրայ` 92-րդ, իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 1245 կէտ: Նշենք, որ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին Հայաստանի խմբակին մաս կազմող խումբերը կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Ուքրանիա` 27-րդ, Սկովտիա` 45-րդ եւ Իրլանտա` 47-րդ: Պրազիլ գրաւեց առաջին դիրքը (1837), մինչ անոր ետին յաջորդաբար...

Հենրիխ Մխիթարեանի  Տեղափոխութիւնը Յետաձգուեցաւ

Հենրիխ Մխիթարեանի Տեղափոխութիւնը Յետաձգուեցաւ

Ա. ԷՍ. Ռոմայէն հեռացող Հենրիխ Մխիթարեան թէեւ յաջող բժշկական քննութիւններու ենթարկուեցաւ Ինթեր Միլանին միանալու համար, սակայն անոր տեղափոխութեան մասին ցարդ պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարուեցաւ, այս մասին յայտնեց իտալական անուանի մարզական օրաթերթ «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի հետ պայմանագիրի կնքման մասին միլանեան ակումբը յայտարարութիւն պիտի կատարէ յառաջիկայ շաբաթ` նկատի ունենալով, որ 33 տարեկան հայ ֆութպոլիստը...

Պայէրն Միւնիխ Ներկայացուց  Սատիօ Մանէն

Պայէրն Միւնիխ Ներկայացուց Սատիօ Մանէն

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ ներկայացուց Անգլիոյ փոխախոյեան Լիվըրփուլէն տեղափոխուած սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէն: 30 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2025: Ան անցեալին մաս կազմած է նաեւ աւստրիական Սալզպուրկին եւ անգլիական Սաութհեմփթընին: Պայէրն Միւնիխի նախագահ Հերպըրթ Հայնըր դրուատիքով արտայայտուեցաւ ակումբի թեքնիք յանձնախումբի անդամներ Օլիվըր Քաննի եւ Հասան Սալիհամիծիչի մասին` ըսելով, որ անոնց թափած ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ բացառիկ...

Ֆիորենթինա Երկարաձգեց  Իր Մարզիչին Պայմանագրութիւնը

Ֆիորենթինա Երկարաձգեց Իր Մարզիչին Պայմանագրութիւնը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2021-2022 տարեշրջանը 62 կէտով 7-րդ դիրքին վրայ աւարտած Ֆիորենթինայի ղեկավարութիւնը որոշեց երկարաձգել ակումբի գլխաւոր մարզիչ Վինչենցօ Իթալիանոյի գործող պայմանագրութիւնը: 44 տարեկան մասնագէտին հետ նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023-2024 տարեշրջանին աւարտը` զայն տարեշրջանով մըն ալ երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը: Նշենք, որ Իթալիանօ յունիս 2021-էն ի վեր կը գլխաւորէ Ֆիորենթինան:    

Նէյմար Շատ Հաւանաբար  Տեղափոխուի «Քալչիօ»

Նէյմար Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի «Քալչիօ»

Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար շատ հաւանաբար 2022-2023 տարեշրջանին ելոյթ ունենայ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») մէջ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Եուվենթուսի ղեկավարութիւնը ակումբի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի խնդրանքէն ետք ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ զօրացնելու համար կազմը եւ այդ իսկ պատճառով շատ հաւանաբար կազմին միացնէ Նէյմարը: Վերջերս լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ Նէյմար փոխ...

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Աղջկանց  Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Ամման

Պասքեթպոլ. Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Ամման

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 24-30 յունիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 22 յունիսին, Լիբանանի աղջկանց 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը մեկնեցաւ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սամի Նասեր, մինչ ազգային խումբին մարզիչն է` Զիատ Նաթուր: Պատուիրակութեան մէջ են նաեւ իրաւարարներ Ռիշար Հաժ եւ Սերճիօ Քասսապ: Ախոյեանութեան մասնակցող ութ երկիրներու ազգային...

Թեքուանտօ.  Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը  Մեկնեցաւ Հարաւային Քորէա

Թեքուանտօ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Հարաւային Քորէա

Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի թեքուանտոյի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Հարաւային Քորէա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 24-27 յունիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ 28-30 յունիսին տեղի ունենալիք թեքուանտոյի միջազգային մրցաշարքի մը: Պատուիրակութեան մէջ է Լիբանանի թեքուանտոյի ազգային խումբերու նախագահ, կրանտմասթըր Ռալֆ Հարպ: Նախքան պատուիրակութեան մեկնումը, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ մարզիկներուն յաջողութիւն մաղթեց` միջազգային այս երկու կարեւոր...

Մարմնամարզութիւն.  Արթուր Դաւթեան Եւ Վահագն Դաւթեան`  Աշխարհի Բացարձակ Բաժակակիրներ

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան Եւ Վահագն Դաւթեան` Աշխարհի Բացարձակ Բաժակակիրներ

Հայաստանի մարմնամարզութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի բացարձակ բաժակակիրներ դարձան Արթուր Դաւթեան (յենացատկ) եւ Վահագն Դաւթեան (օղակներ), այս մասին յայտնեց Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին կայքը: Արթուր Դաւթեան յենացատկի մրցումներուն ապահովեց 90 կէտ, մինչ Վահագն Դաւթեան` 85 կէտ: Անոնք երկուքը մասնակցեցան աշխարհի բաժակի մրցաշարքի չորս հանգրուաններէն երեքին միայն` նկատի ունենալով, որ չորրորդը կայացաւ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան):  

Քարաթէ.  Եղիշէ Ալեքսանեան` Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար  Ախոյեանութեան Արծաթէ Մետալակիր

Քարաթէ. Եղիշէ Ալեքսանեան` Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Արծաթէ Մետալակիր

Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար քարաթէի ախոյեանութեան, Եղիշէ Մելիքեան Հայաստանին ապահովեց արծաթէ մետալ մը: Հայ մարզիկը 84 քկ դասակարգին մէջ իր կատարած չորս մենամարտերուն արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ, որոնցմէ ետք սակայն իր միակ պարտութիւնը կրեց աւարտականին` Պոսնիոյ ներկայացուցիչէն: Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը, Եւրոպայի քարաթէի պատանեկան երիտասարդներու եւ 21 տարեկանէն...

Page 389 of 1280 1 … 388 389 390 … 1,280

Արխիւներ