Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շատ հաւանաբար հեռանայ իր ակումբէն` Մանչեսթըր Եունայթըտէն:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, որոնք պաշտօնական չեն, ան թերեւս տեղափոխուի Պայէրն Միւնիխ` նկատի ունենալով, որ գերմանական ակումբը Ռոպերթ Լեւանտովսքիին փոխարինող մը կը փնտռէ:
Գերմանական մարզական մամուլին համաձայն, 37 տարեկան Ռոնալտօ դրական պատասխան մը տուած է Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանին: