«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Պրուքլին Նեթցին մաս կազմող Քեւին Տիւրանթ շատ հաւանաբար հեռանայ իր ակումբէն:
Նշուեցաւ, որ անոր հեռացումը կախեալ է Քիրի Իրվինկէն: Եթէ վերջինս հեռանայ խումբէն, Տիւրանթ եւս պիտի հետեւի անոր օրինակին:
Իրվինկի պայմանագրութիւնը խումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ 29 յունիս, մինչ Տիւրանթ մինչեւ 2026-ի ամառ ստորագրած է Նեթցի տոմարներուն վրայ:


