Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2021-2022 տարեշրջանը 62 կէտով 7-րդ դիրքին վրայ աւարտած Ֆիորենթինայի ղեկավարութիւնը որոշեց երկարաձգել ակումբի գլխաւոր մարզիչ Վինչենցօ Իթալիանոյի գործող պայմանագրութիւնը:
44 տարեկան մասնագէտին հետ նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023-2024 տարեշրջանին աւարտը` զայն տարեշրջանով մըն ալ երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը:
Նշենք, որ Իթալիանօ յունիս 2021-էն ի վեր կը գլխաւորէ Ֆիորենթինան: