Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ ներկայացուց Անգլիոյ փոխախոյեան Լիվըրփուլէն տեղափոխուած սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէն:
30 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2025:
Ան անցեալին մաս կազմած է նաեւ աւստրիական Սալզպուրկին եւ անգլիական Սաութհեմփթընին:
Պայէրն Միւնիխի նախագահ Հերպըրթ Հայնըր դրուատիքով արտայայտուեցաւ ակումբի թեքնիք յանձնախումբի անդամներ Օլիվըր Քաննի եւ Հասան Սալիհամիծիչի մասին` ըսելով, որ անոնց թափած ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ բացառիկ յատկութիւններու տէր Մանէի հետ պայմանագրութիւն մը կնքել: