Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2022-2023 տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի 4 օգոստոսին:
Ախոյեան Ա. Սէ. Միլանի առաջին հանգրուանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ուտինեզէ, մինչ փոխախոյեան Ինթեր Միլանի մրցակիցը` Լեչէ:
Ա. Սէ. Միլանի եւ Ինթեր Միլանի միջեւ միլանեան տերպիի մրցումները տեղի պիտի ունենան 5-րդ եւ 21-րդ հանգրուանին:
Իսկ հռոմեան տերպիները` Ա. Էս. Ռոմայի եւ Լացիօ Ռոմայի միջեւ, տեղի պիտի ունենան 13-րդ եւ 27-րդ հանգրուանին: