Մարզական

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան  Եւ Հանս Նիման` Առաջին Դիրքին Վրայ

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Եւ Հանս Նիման` Առաջին Դիրքին Վրայ

Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող Ստեփան Աւագեանի ճատրակի յուշամրցաշարքի 3-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, այժմ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուին Հայկ Մարտիրոսեան եւ Հանս Նիման: Այս հանգրուանին Մարտիրոսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ալեքսանտր Տոնչենքոյի հետ, մինչ Նիման յաղթեց Մամիկոն Ղարիբեանին: Անոնք այժմ ապահոված են 2-ական կէտ` առաւելագոյն 3 կէտէն: 1,5-ական կէտ ունին Շանթ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ չորս ուրիշներ:

Ֆրետ Աւարտեց Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ֆրետ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին 38 տարեկան յառաջապահ Ֆրետ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Պրազիլական մարզական մամուլին համաձայն, անոր մօտ յառաջացած են առողջական  խնդիրներ: Ֆրանսական Լիոնի հետ իր ունեցած ելոյթներով յայտնի ֆութպոլիստը վերջին շրջանին մաս կը կազմէր Ֆլումինենսէի, որուն հետ երկու անգամ հանդիսացաւ Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեան: Բացի վերոնշեալ ակումբներէն,...

Մարիօ Կէօթցէ Վերադարձաւ  «Պունտըսլիկա»

Մարիօ Կէօթցէ Վերադարձաւ «Պունտըսլիկա»

ՓՍՎ Այնտհովընի միջնապահ Մարիօ Կէօթցէ վերադարձաւ «Պունտըսլիկա» եւ միացաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի, այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, անոր փոխանցման համար անիկա նետերլանտեան ակումբին վճարեց 4 միլիոն եւրօ: Կէօթցէ, որ Այնտհովընին մաս կը կազմէ 2020-էն ի վեր, Նետերլանտներու ֆութպոլի ախոյեանութեան անոր հետ 77 մրցումի ընթացքին նշանակեց 18 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ: Գերմանիոյ մէջ ան անցեալին...

Քալիարի Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Քալիարի Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Իտալական Քալիարի ֆութպոլի ակումբը յայտնեց, որ Ֆապիօ Լիվերանի նշանակուեցաւ խումբի նոր գլխաւոր մարզիչ: Լիվերանի, որ մինչեւ 30 յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Քալիարիի հետ, նախապէս եղած է Ճենովայի, Լեչէի, Փարմայի եւ այլ ակումբներու մարզիչ: Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2021-2022 տարեշրջանի աւարտին Քալիարի փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:

Ինցակի Իր Պայմանագրութիւնը  Երկարաձգեց Ինթեր Միլանի Հետ

Ինցակի Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Ինթեր Միլանի Հետ

Ինթեր Միլանի գլխաւոր մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց միլանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024-ի ամառը: Ինցակի, որ 2021-ի ամրան Լացիօ Ռոմայէն տեղափոխուած էր Ինթեր, անոր հետ  հանդիսացաւ երկրի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր: Իտալիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, Ինթեր Միլան տարեշրջանը աւարտեց երկրորդ դիրքին վրայ, ախոյեան Ա. Սէ. Միլանի հետ:

Թենիս.  Սերենա Ուիլիըմզի Վերադարձը`  Տարուան Մը Դադարէ Ետք

Թենիս. Սերենա Ուիլիըմզի Վերադարձը` Տարուան Մը Դադարէ Ետք

Նախապէս, թենիսի աղջկանց միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ, տարուան մը դադարէ ետք, վերադարձաւ թենիսի դաշտերը: Արդարեւ, ան Իսթպուրնի (Անգլիա) մէջ տեղի ունեցած «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ. -500» միջազգային մրցաշարքի զոյգի մրցումներուն, Օնս Ժապերի հետ ունեցաւ յաղթական վերադարձ մը, Սարա Սորիպես-Մարի Պուզքովա զոյգին դէմ` 6-2, 3-6 եւ 11-13 արդիւնքով: Նշենք, որ 40 տարեկան Սերենա Ուիլիըմզ վերջին անգամ թենիսի...

Աթլեթիզմ.  Լիբանան Պիտի Հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ 20 Տարեկանէն Վար Երկրորդ Ախոյեանութիւնը

Աթլեթիզմ. Լիբանան Պիտի Հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ 20 Տարեկանէն Վար Երկրորդ Ախոյեանութիւնը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը 3-6 յուլիսին կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ 20 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց աթլեթիզմի երկրորդ ախոյեանութիւնը` Ժամհուր վարժարանին մէջ: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ 11 երկիրները. Սէուտական Արաբիա, Օման, Քուէյթ, Քաթար, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եմէն, Իրաք, Յորդանան, Սուրիա, Պաղեստին եւ Լիբանան: Նշենք, որ սեպտեմբեր 2019-ին, այս առաջին ախոյեանութեան, որ...

Ճատրակ.  Շանթ Սարգսեան Դարձեալ Ճանչցուեցաւ Լաւագոյնը

Ճատրակ. Շանթ Սարգսեան Դարձեալ Ճանչցուեցաւ Լաւագոյնը

Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային կրանտմասթըր Արսէն Եղիազարեանի յիշատակին նուիրուած կայծակնային ճատրակի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին անոր լաւագոյն սաները: 10 ճատրակ խաղացողներու մասնակցութեամբ, շրջանաձեւ դրութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքի տիտղոսակիր դարձաւ Շանթ Սարգսեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7,5 կէտ: Ան արձանագրեց եօթը յաղթանակ, հաւասարութիւն մը, մինչ իր միակ պարտութիւնը կրեց 4-րդ հանգրուանին` Մանուէլ Պետրոսեանէն: Պետրոսեան...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Բարձրագոյն Պարգեւ Շքանշանով Պարգեւատրեց «Արարատ-73»-ի Երկու Աստղեր

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Բարձրագոյն Պարգեւ Շքանշանով Պարգեւատրեց «Արարատ-73»-ի Երկու Աստղեր

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բարձրագոյն պարգեւ շքանշանով պարգեւատրեց «Արարատ-73»-ի ֆութպոլի աստղեր Էդուարդ Մարքարովը եւ Արկադի Անդրէասեանի այրին` Լիանա Անդրէասեանը: Նշենք, որ մինչեւ անոնց պարգեւատրումը, բարձրագոյն պարգեւին արժանացած էր միայն Խորէն Յովհաննիսեան:

Հայրենի Կռփամարտիկները 7 Մետալի Տիրացան Յունաստանի Մէջ

Հայրենի Կռփամարտիկները 7 Մետալի Տիրացան Յունաստանի Մէջ

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայրենի կռփամարտիկները 7 մետալի տիրացան (2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 3 պրոնզ) Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած «Աքրոփոլիս» անունը կրող կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին: Ոսկի մետալի տիրացան Արթուր Ղազարեան (60 քկ) եւ Նարեկ Յովհաննիսեան (63,5 քկ), արծաթ մետալի` Սէյրան Եղիկեան (54 քկ) եւ Բենիկ Նիկողոսեան (63,5 քկ), իսկ պրոնզ մետալի` Արարատ Գիւլբենգեան, Արարատ Յարութիւնեան...

Աթլեթիզմ. Պալքանեան Երկիրներու Ախոյեանութիւն.  Երուանդ Մկրտչեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալի

Աթլեթիզմ. Պալքանեան Երկիրներու Ախոյեանութիւն. Երուանդ Մկրտչեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալի

Ռումանական Քրայովա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցաշարքին ընթացքին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Երուանդ Մկրտչեան տիրացաւ ոսկի մետալի` 1500 մեթր վազքի մրցումներուն արձանագրելով 3' 41'' 89 արդիւնք մը: Իր արձանագրած այս արդիւնքին շնորհիւ, Մկրտչեան նաեւ Հայաստանի նոր մրցանիշ մը հաստատեց: Սակայն 800 մեթր վազքի մրցումներուն, ան չկրցաւ որեւէ մետալի տիրանալ` արձանագրելով 1' 51'' 49 արդիւնք մը: Մկրտչեանէն բացի, այս...

Ռենաթօ Սանչես  Պիտի Տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն

Ռենաթօ Սանչես Պիտի Տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն

Լիլին մաս կազմող փորթուգալցի միջնապահ` Ռենաթօ Սանչեզ պիտի տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ մայրաքաղաքի կազմը անոր հետ պիտի ստորագրէ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը` զայն տարիով երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, անոր այս փոխանցման համար Սեն Ժերմեն Լիլին պիտի վճարէ 30 միլիոն եւրօ: Նախորդ տարեշրջանին 24 տարեկան միջնապահը իր կազմին հետ...

Տարվին Նունեզ Միացաւ Լիվըրփուլին

Տարվին Նունեզ Միացաւ Լիվըրփուլին

Պենֆիքային մաս կազմող ուրուկուէյցի յառաջապահ Տարվին Նունեզ միացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլին` անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրելով մինչեւ 2028: Ըստ անգլիական մարզական մամուլին, անոր այս փոխանցման համար Լիվըրփուլ փորթուգալեան ակումբին վճարեց 75 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին 22 տարեկան ուրուկուէյցին, 41 մրցումի ընթացքին նշանակեց 34 կոլ եւ կատարեց 4 էսիսթ:  

Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Տղոց Պասքեթպոլի  Ազգային Խումբը Վերադարձաւ Պէյրութ

Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը Վերադարձաւ Պէյրութ

Երէկ երեկոյեան Քաթարէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Ասիոյ պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան եւ ապահովելէ ետք աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը. վերջինս տեղի պիտի ունենայ 2-10 յուլիսին, սպանական Մալակա քաղաքին մէջ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորեցին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ...

Պատանի Հայ Ըմբիշները  Բաւարարուեցան 5 Մետալով

Պատանի Հայ Ըմբիշները Բաւարարուեցան 5 Մետալով

Պուքրեշի մէջ (Ռումանիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Հայաստան տիրացաւ 1 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալի: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 51 քկ դասակարգին մէջ Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացաւ Նարեկ Յակոբեան: Իսկ պրոնզէ մետալի տիրացան Արման Յարութիւնեան (45 քկ), Սաշա Պետրոսեան (48 քկ), Արտաւազդ Յարութիւնեան (55 քկ) եւ Նարեկ Նիկողոսեան (65 քկ): 31...

Սպանական Ֆութպոլ.  Ժիրոնա Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Սպանական Ֆութպոլ. Ժիրոնա Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. դասակարգի տոմս մը ապահովելու համար Թեներիֆէի եւ Ժիրոնայի միջեւ տեղի ունեցած դարձի մրցումը (առաջինին դաշտին վրայ) վերջ գտաւ Ժիրոնայի յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: Նկատի ունենալով, որ երթի մրցումը վերջ գտա 0-0 արդիւնքով, այսպիսով Ժիրոնա իրաւունք ստացաւ յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ ունենալ Ա. դասակարգին մէջ («Լա Լիկա»): Նշենք, որ քաթալոնական կազմը 2018-2019 տարեշրջանին գրաւած էր 18-րդ դիրքը եւ փոխադրուած...

Պարսելոնա Պատրաստ Է Լեւանտովսքիի  Համար Վճարելու 50 Միլիոն Եւրօ

Պարսելոնա Պատրաստ Է Լեւանտովսքիի Համար Վճարելու 50 Միլիոն Եւրօ

Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնա ընդունեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի պայմանները եւ ստիպուած պիտի ըլլայ 50 միլիոն եւրօ վճարել` իր կազմին միացնելու համար անոր լեհ յառաջապահը` Ռոպերթ Լեւանտովսքին: Քաթալոնական ակումբը յոյս ունէր 33 տարեկան ֆութպոլիստին համար վճարել 30-35 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ Լեւանտովսքի վերջերս յայտարարեց, որ մտադիր չէ յառաջիկայ տարեշրջանին մաս կազմել Պայէրն Միւնիխին, հակառակ անոր որ ցարդ մէկ տարուան...

Լիվըրփուլ-Սալահ Բանակցութիւնները  Արդիւնք Չտուին

Լիվըրփուլ-Սալահ Բանակցութիւնները Արդիւնք Չտուին

Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլի եւ ակումբին մաս կազմող եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւնները արդիւնք չտուին նոր պայմանագիրի երկարաձգման գծով: 30 տարեկան Սալահի պայմանագրութիւնը Լիվըրփուլի հետ նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը: Ան չ՛ուզեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել, որպէսզի 2022-2023 տարեշրջանի աւարտին դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ միանայ իր նախասիրած կազմին: Սալահ, որ 2017-էն ի վեր մաս կը կազմէ Լիվըրփուլին,...

Պասքեթպոլ.  Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ Ախոյեան`  36-րդ Անգամ Ըլլալով

Պասքեթպոլ. Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ Ախոյեան` 36-րդ Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին Սպանիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ մրցումին, Ռէալ Մատրիտ 81-74 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պարսելոնային, հանդիսացաւ երկրի ախոյեան (3-1): Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտ 36-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Սպանիոյ ախոյեան: Պարսելոնա, որ նախորդ տարի հանդիսացած էր ախոյեան, տիտղոսակիր դարձած է 19 անգամ:  

«Ֆորմիւլա-1».  Մաքս Վերսթափեն Յաղթական`  Քանատայի Մէջ

«Ֆորմիւլա-1». Մաքս Վերսթափեն Յաղթական` Քանատայի Մէջ

Մոնրէալ քաղաքի (Քանատա) Ժիլ Վիլընէօվի անուան վազքուղիին վրայ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022-ի  ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի կրան փրին: Անիկա վերջ գտաւ «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ 70 լեփնոց այս կրան փրիին, արձանագրեց 1 ժամ 36 վայրկեան եւ 21 երկվայրկեան արդիւնք մը: Երկրորդ հանդիսացաւ Քարլոս Սայնց (Սպանիա, «Ֆեռարի»), 0'' 993 ուշացումով, մինչ լաւագոյն եռեակը 7'' 006 ուշացումով...

Page 390 of 1280 1 … 389 390 391 … 1,280

Արխիւներ