Ուրբաթ, 1 յուլիսին եւ երկուշաբթի, 4 յուլիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը մրցումներ ունի կատարելիք յաջորդաբար Յորդանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ (երկուքն ալ` ժամը 21:00-ին):
Նշենք, որ վերոնշեալ երկու մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), կ՛իյնան Ասիոյ գօտիի Գ. խմբակի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Լիբանանի խմբակին մաս կը կազմէ նաեւ Ինտոնեզիա:
Յայտարարուեցաւ, որ վերոնշեալ երկու մրցումներու տոմսերուն վաճառքը արդէն իսկ սկսած է, եւ կարելի է այժմէն տոմսակներ ապահովել «Վըրճըն-Մեկասթոր»-էն:
Տոմսակներուն գիները կը սկսին 50.000 լիբանանեան ոսկիէն` հետզհետէ բարձրանալով 300.000, 400.000 եւ 1.500.000 լիբանանեան ոսկիի: