Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթին համաձայն, Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, նախորդ ամառ Փարիզ Սեն Ժերմեն իր անվճար փոխանցման համար ակումբին ապահոված է 700 միլիոն եւրօ եկամուտ:
Փարիզեան ակումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մէկ միլիոնէ աւելի մարզաշապիկ ծախած է:
Ասկէ բացի, ակումբին հետեւորդներուն թիւը ընկերային տարբեր տեսակի ցանցերու վրայ աւելցած է 15 միլիոնով:
Արժանթինցի Մեսսի, որ երէկ տօնեց իր ծննդեան 35-րդ տարեդարձը, մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ: