Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի թեքուանտոյի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Հարաւային Քորէա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 24-27 յունիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ 28-30 յունիսին տեղի ունենալիք թեքուանտոյի միջազգային մրցաշարքի մը:
Պատուիրակութեան մէջ է Լիբանանի թեքուանտոյի ազգային խումբերու նախագահ, կրանտմասթըր Ռալֆ Հարպ:
Նախքան պատուիրակութեան մեկնումը, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ մարզիկներուն յաջողութիւն մաղթեց` միջազգային այս երկու կարեւոր մրցաշարքերուն գծով: