Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 24-30 յունիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 22 յունիսին, Լիբանանի աղջկանց 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը մեկնեցաւ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սամի Նասեր, մինչ ազգային խումբին մարզիչն է` Զիատ Նաթուր:
Պատուիրակութեան մէջ են նաեւ իրաւարարներ Ռիշար Հաժ եւ Սերճիօ Քասսապ:
Ախոյեանութեան մասնակցող ութ երկիրներու ազգային խումբերը բաժնուած են երկու խմբակի` հետեւեալ ձեւով.
Ա. խմբակ` Ինտոնեզիա, Սուրիա, Սամոա եւ Ֆիլիփեան կղզիներ:
Բ. խմբակ` Ղազախստան, Լիբանան, Յորդանան եւ Իրան:
Նշենք, որ առաջին հանդիսացողը կը բարձրանայ Ա. դասակարգ: