Ինչպէս ծանօթ է, 3-6 յուլիսին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի տղոց եւ աղջկանց երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) 2-րդ ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 11 երկիրներու:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ Ժամհուր վարժարանին մէջ` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Այս ախոյեանութեան գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու նպատակով, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը երեքշաբթի, 28 յունիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Լանքասթըր-Թամար» պանդոկին մէջ (Հատաս) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը: